2016-06-17 09:10:00

Կարդինալ Փարոլինը Ուքրանացիներուն` ձեր տառապանքը կը հարցաքննէ Եւրոպայի խիղճը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Ուքրանիա այնտեղ տանելու Ֆրանչիսկոս Սրբացան Քահանայապետին մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը, ըլլայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ըլլայ ուքրանացի համայն ժողովուրդին, որ թիրախ է մորացուած ու անիմաստ պատերազմի մը։

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարի Ուկրանիա կատարած պաշտօնական այցելութեան առաջին հանգրուաններէն մին հանդիսացաւ Զափորիժա քաղաքը ուր Ան հանդիպում ունենալով քաղաքի կրօնական դաւանանքներու պատասխանատուներուն հետ չզլացաւ դատապարտել երկրի մէջ տիրող հակամարտութիւնը, զայն որակելով որպէս անիմաստ ու վտանգաւոր բոլոր եւրոպային համար։ ''Տառապանքը որ դուք կ՛ապրիք -  ըսաւ Ծիրանաւորը - կը հարցաքննէ համայն միջազգային հաս արկութեան խիղճը''։ Այս առընչութեամբ է նաեւ որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խրախուսեց Եւրոպայի կաթողիկէ հասարակութիւնները իրենց սատարը տալու եւ օգնութեան հասնելու ու զօրակցելու տառապեալ ուկրանիային հետ, դրամահաւաք մը կազմակերպելով, որուն հասոյթը Կարդինալ Փարոլինի ձեռքով յանձնուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապէն նշանակուած  ''Վասն Ուքրանիոյ'' կոմիտէի անդամներուն, որպէսզի բաշխուին Ուքրանիոյ պատերազմի բռնութեան զոհերուն։

''Այս մարդկայնական օգնութիւնները բաշխելով - շեշտեց կարդինալ Փարոլին – ոչ մի խտրութիւն կը դրուի դաւանական, կրօնական, ցեղային կամ լեզուի պատկանելիութեան բերումով։ Միակ պայմանը այն է` որ այս դրամը բաշխուի կարօտեալ ու կարիքաւոր անհատներուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.